Մարզական

Պիչ-Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը` 6-5 Արդիւնքով

Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց նորաստեղծ խումբը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ 6-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Քֆարմելքին, Ռամլեթ Պայտայի մէջ: ՀՄԸՄ-էն հեթրիք մը իրագորրծեց Յակոբ Գուճանեան, երկու կոլ նշանակեց Յարութ Սարգիս, մինչ վեցերորդ կոլը նշանակեց մրցակից կազմէն մարզիկ մը` սխալմամբ իր բերդին մէջ: Դ. հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 28...

Լիբանանցի Իրաւարար Խալիլ Պահլաուէն Այսօր Կը Մեկնի Ինտոնեզիա

Լիբանանցի ֆութպոլի միջազգային իրաւարար Խալիլ Պահլաուէն այսօր` ուրբաթ, կը մեկնի Ինտոնեզիա հոն տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան իրաւարարի պաշտօն ստանձնելու համար: 1-12 օգոստոսին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան անկէ բացի արաբական երկիրներէ նկատի առնուած են նաեւ չորս միջազգային իրաւարարներ: Նշենք, որ Պահլաուէն նախորդ տարեշրջանին յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ընտրուած էր լաւագոյն իրաւարարը` Լիբանանի մէջ:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց 15 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Իրան

Երէկ` հինգշաբթի, Լիբանանի տղոց 15 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Թեհրան (Իրան)` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Լիբանանի մարզիչը Ժատ Հաժ նախապատրաստական բաւական լաւ աշխատանք տարաւ այս մրցաշարքին գծով, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներ արձանագրելով Ասիոյ ախոյեանութեան տոմս մը ապահովել: Լիբանան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Իրաքի դէմ (կիրակի օր), ապա յաջորդաբար` Սուրիա (երկուշաբթի), Իրան (երեքշաբթի)...

Մինի Ֆութպոլ. Այսօր Կը Սկսի 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանի մինի ֆութպոլի առաջին` 2018-2019 տարեշրջանի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը կը սկսի այսօր` ուրբաթ, 27 յուլիսին, երբ կը կատարուին 4 մրցումներ: Յաջորդող երկու օրերուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան չորսական մրցումներ: Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 24 խումբեր, բաժնուած` 4 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 6 խումբ: Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Ահմետ Տանաշ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղար Ժիլպեր Ապպուտ, յայտնեցին, որ իրենց կարելին...

Պասքեթպոլ. Հաւանական Է, Որ Ժերար Հատիտեան Աթլաս Ֆըրզոլ Տեղափոխուի

Լիբանանեան կարգ մը մարզական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբին եւ Թատամոն Զուքի նախկին մարզիկ Ժերար Հատիտեան շատ հաւանաբար Աթլաս Ֆըրզոլ տեղափոխուի: Նշենք, որ Աթլաս Ֆըրզոլ (Պեքաայի շրջանէն) նախորդ տարեշրջանին բարձրացաւ Ա. դասակարգ:  

Ռասինկ Պէյրութի Փոխնախագահը Մահացաւ

Երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիսին մահացաւ Ռասինկ Պէյրութի փոխնախագահ Մորիս Ժըրժի Ապու Ժաուտէն: Ան Ռասինկի հետ եղաւ 15 տարի եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ կանգնեցաւ խումբին կողքին` անոր լաւ թէ վատ օրերուն ընթացքին: Պէյրութեան ակումբին վարչութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն: Ռասինկ Պէյրութի պատասխանատուները ակումբին համակիրներուն կոչ ուղղեցին ներկայ գտնուելու խումբին ծառայած փոխնախագահին յուղարկաւորութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ,...

Ծանրաբարձութիւն. Մարկարիթա Առաքելեան` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեան

Իտալական Միլանօ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի համար ոսկի մետալ մը ապահովեց Մարկարիթա Առաքելեան: 75 քկ դասակարգին մէջ հայ մարզիկը, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 162 քկ (72+90), գրաւեց առաջին դիրքը: Նշենք, որ այս մէկը Հայաստանի կազմին համար չորրորդ մետալն էր: Նախապէս ոսկի մետալի տիրացած էին Յարութիւն Գրիգորեան (77 քկ) եւ Գոռ Սահակեան (50...

Ալաշկերտ Հաստատեց Էդգար Մանուչարեանի Փոխանցումը

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ տեղեկացուց, որ իր կազմին միացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահը` Էտգար Մանուչարեան: Երեւանեան ակումբին համար նոր տարեշրջանին գծով այս փոխանցումը կը նկատուի լաւագոյն այս ամրան ընթացքին` աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար: Ան ելոյթ ունեցած է շարք մը ակումբներու հետ, որոնց կարգին Փիւնիկ Երեւան, Այաքս Ամսթերտամ եւ ուրիշներ, իսկ վերջին տարիներուն ան մաս կը...

Սարգիս Ադամեան Երկարաժամկէտ Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Եան Ռեկենսպուրկի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Սարգիս Ադամեան իր գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգեց գերմանական Եան Ռեկենսպուրկի հետ: Երկրորդ Պունտըսլիկային մէջ հանդէս եկող ակումբին եւ հայ ֆութպոլիստին միջեւ նոր համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2021: Նախորդ պայմանագրութեան ժամկէտն էր 2019: Ան Ռեկենսպուրկի միացաւ 2017-ին: Նախորդ տարեշրջանին ան Գերմանիոյ երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեան գծով իր կազմին հետ կատարեց 33 մրցում` նշանակելով 5 կոլ եւ կատարելով 4...

Լէոնարտօ` Ա. Սէ. Միլանի Թեքնիք Տնօրէն

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ եւ մարզիչ Լէոնարտօ նշանակուեցաւ ակումբի թեքնիք տնօրէն, յայտնեց կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Թեքնիք հարցերով զբաղելէ բացի, անոր վստահուեցաւ նաեւ մարզիկներու փոխանցման դասաւորումներն ալ կատարելու պարտականութիւնը: Լէոնարտօ բաւական սիրուած է ակումբին համակիրներուն կողմէ:    

Թիթէ Պիտի Շարունակէ Մնալ Պրազիլի Մարզիչ

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ երկարաձգեց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Թիթէի հետ իր պայմանագրութիւնը: Հակառակ անոր որ Պրազիլ 2018-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ Պելճիքայէն (2-1), սակայն 57 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին առաջարկուեցաւ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը մինչեւ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին աւարտը: Ան այսպիսով դարձաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին պատմութեան մէջ առաջին մարզիչը որ պաշտօնանկ չ՛ըլլար, հակառակ...

Քաւանի Շատ Հաւանաբար Ըլլայ Ռոնալտոն Փոխարինողը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի շատ հաւանաբար տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ: «ԱՍ»-ի համաձայն, արքայական ակումբը կը կարծէ, որ Քաւանի կրնայ ըլլալ յարմարագոյն ֆութպոլիստը, որ կրնայ փոխարինել Եուվենթուսի միացած Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, փարիզեան ակումբին սեփականատէրը` Նասեր Խելայֆի, արգելք չի հանդիսանար անոր, որ միանայ իր նախասիրած կազմին: 31 տարեկան Քաւանի նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 48...

Ճափոնի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հատզիմու Մորիասու նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ փոխարինելով Աքիրօ Նիսինոն, որ նախքան 2018-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուիլը փոխարինած էր Վահիտ Հալիհովիչը: Մորիասու (49 տարեկան), մարզիչի իր աշխատանքը սկսաւ 2004-ին: Ան վերջին շրջանին, Ճափոնի 23 տարեկանէն վար ազգային խումբին մարզիչն էր:

Ալեքսանտր Կոլովին Կը Միանայ Մոնաքոյի

Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ալեքսանտր Կոլովին շուտով կը միանայ Մոնաքոյի` անոր հետ ստորագրելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Անոր պայմանագրութիւնը իշխանապետական ակումբին համար արժեց 30 միլիոն եւրօ: 22 տարեկան ֆութպոլիստը իր երկրին պատմութեան մէջ պիտի դառնայ ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը` տարեկան իր նոր ակումբէն գանձելով 2 միլիոն եւրօ: Նախապէս Եուրի Ժիրքով եղած էր ամէնէն սուղ ռուս ֆութպոլիստը, որուն համար Չելսի 2009-ին...

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Յատուկ Հրաւէրով.  Մարք Գրաճիկեան Այցելեց Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղին

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Յատուկ Հրաւէրով. Մարք Գրաճիկեան Այցելեց Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղին

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ իր կողմէ ուղղուած յատուկ հրաւէրով, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին (Տըպպայէ) այցելեց լիբանանցի երիտասարդ թենիս խաղացող Մարք Գրաճիկեան (11 տարեկան)` իր ծնողքին ընկերակցութեամբ: Անոնք կը բնակին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Քաղցկեղի պատճառով Մարք Գրաճիկեան կորսնցուցած է իր ոտքը, եւ հակառակ անոր որ ան արուեստական ոտք դրած է, սակայն կրնայ լաւ թենիս խաղալ եւ արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Ան...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Տուաւ Կարգ Մը Որոշումներ` 2018-2019 Տարեշրջանին Գծով

Ժալ էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ժողով մը գումարելով տուաւ կարգ մը որոշումներ` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին գծով: Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, որոշուեցաւ, որ իւրաքանչիւր խումբ մրցումի մը ընթացքին իրաւունք ունի դաշտ ներկայացնելու երկու օտարական մարզիկներ, մինչ երրորդը նստած պիտի ըլլայ պահեստի աթոռներուն վրայ: Այսինքն, դաշտին վրայ պիտի ըլլան 2 օտար եւ 3...

Պասքեթպոլ. Հուփս Տիրացաւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, վերջին քանի մը շաբաթներուն հանգրուանային ձեւով տեղի ունեցաւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի (Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի) Ռոնի Ապու Ժաուտէի յիշատակին նուիրուած 18 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը: Անիկա տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Աւարտական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան Հուփս տիրացաւ տիտղոսին` յաղթելէ ետք Պըժժէի: Ապա կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին տարբեր տեսակի...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. «Սէուտցիներուն Լիբանան Այցելութեան Գծով Ոչ Մէկ Վտանգ Կայ» Ըսաւ Նետիմ Հաքիմ

Ինչպէս ծանօթ է, Պէյրութ ակումբը հոկտեմբերին սկիզբը Շիահի իր մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Այս ծրագիրը յաջողցնելու համար բնականաբար մեծ աշխատանք եւ ճիգ թափեց, Պէյրութ ակումբի նախագահ  Նետիմ Հաքիմ: Անդրադառնալով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, թէ սէուտցիներուն Լիբանան այցելութեան ամէն տեսակի վտանգ կը սպառնայ, Հաքիմ ըսաւ. «Այդպիսի սուտ տարաձայնութիւնները երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ անոնց կեանքին վրայ...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն. Չորեքշաբթի, 8 Օգոստոսին` Մամլոյ Ասուլիս

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնին, 11 նոյեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենայ «Պլոմ» դրամատուն-Պէյրութի միջազգային մարաթոնը: Այս ուղղութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին պիտի մանրամասնէ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացնէ այդ գծով: Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

6 Օգոստոսին` Անուար Ակումբին Ընտրութիւնները

Անուար Ժըտէյտէ ակումբը իր բոլոր անդամները հրաւիրեց ակումբին տարեկան համագումարին` ընտրելու համար իր վարչութեան նոր անդամները: Այդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 6 օգոստոսին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (երեկոյեան ժամը 18:00-ին): Նշուեցաւ, որ եթէ ժողովը օրինական չըլլայ, երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք` երկուշաբթի, 13 օգոստոսին, միեւնոյն ժամուն: Ներկաներուն թիւը պիտի սեպուի օրինական եւ պիտի կատարուին...

Page 812 of 1278 1 … 811 812 813 … 1,278

Արխիւներ