Կազմակերպութեամբ «Հոլիտէյ-պիչ» մարզահամալիրին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունցեաւ «Հոլիտէյ-պիչ»-ի տարեկան պիչ-վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին տղոց 18 խումբեր (6-ը` օտար), իսկ աղջկանց պարագային` 6 խումբեր (3-ը` օտար):
Տղոց պարագային, օտար խումբերը եկած էին Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ռուսիայէն, Օմանէն եւ Սուրիայէն, իսկ աղջկանց պարագային` Յունաստանէն, Իտալիայէն եւ Գերմանիայէն:
Աւարտական մրցումներուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնց կարգին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին անդամները, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Աղջկանց տիտղոսին տիրացան Յունաստանի ներկայացուցիչները, իսկ տղոց պարագային` Ճոն Ապի Շըտիտ եւ Ճօ Քազզի (Լիբանան):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



