Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կազմերէն Նեպի Շիթի (որ վերջերս փոխեց իր անունը եւ վերածուեցաւ Պեքաա ֆութպոլի ակումբին) նախագահ Ահմետ Մուսաուի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց իր հրաժարականը:
«Վերջին տասը տարիներուն, Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելով եւ Նեպի Շիթը ներկայացնելով, իբրեւ Պեքաա ակումբի ներկայացուցիչ այժմ ժամանակը հասած է հանգստանալու եւ ցտեսութիւն ըսելու բոլոր անոնց, որոնք այդ ժամանակամիջոցին եղան կողքիս, եւ միասնաբար յաջողեցանք խումբին հետ ըլլալ անոր դժուար եւ լաւ օրերուն:
«Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորին անխտիր եւ կը յուսամ, որ յաջորդ նախագահը կարենայ խումբին կողքին ըլլալ եւ փայլուն ճամբան շարունակել», ըսաւ Մուսաուի: