Միջազգային մարզական շարք մը լրատուամիջոցներ երէկ անդրադարձան Չելսիի նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի ցոյց տուած պատրաստակամութեան` ստանձնելու Ա. Սէ. Միլանի մարզիչի պաշտօնը:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, Լէոնարտօ, որ շուտով պիտի վերադառնայ Ա. Սէ. Միլան, պիտի ստանձնէ կարեւոր պաշտօն մը:
Նշուեցաւ, թէ ան փափաք յայտնած է, որ Քոնթէ ըլլայ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչը, հակառակ անոր որ Չելսիի հետ Քոնթէի հարցերուն լուծման համար կարիքը կայ երկու ամսուան:
Կը կարծուի, որ Ա. Սէ. Միլանի այժմու մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ շուտով պիտի լքէ իր պաշտօնը: