Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ որ երկուշաբթի, 30 յուլիսէն սկսեալ պիտի սկսին վաճառուիլ Ասիա-2019 ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմսերը:
Այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, 5 յունուարէն 1 փետրուար 2019:
Այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոր կը մասնակցին 24 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբեր:
Տոմսերուն սակերը կը սկսին 10 հազար լիբանանեան ոսկիէն:
Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս ախոյեանութեան: Առաջինը` 2000-ին, բայց ոչ` զտումի մրցումներուն մասնակցելով:
Ե. խմբակին մաս կազմող Լիբանան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Հիւսիսային Քորէան: