Հայկական լրատուամիջոցներ, իրենց տեղեկութիւնները քաղելով Փիւնիկի պաշտօնական կայքէն, յայտնեցին, որ 26 տարեկան միջնապահ Ռումիան Յովսէփեան միացաւ երեւանեան խումբին:
Անոր ներկայութեան խումբը պիտի փորձէ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, երբ ճակատի Թոպոլի դէմ (Ղազախստան)` 26 օգոստոսին (երթ) եւ 2 օգոստոսին (դարձ):
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին ան Բանանցի հետ նշանակեց 8 կոլ` հանդիսանալով ակումբին լաւագոյն ռմբարկուն: