Արժանթինեան մամուլը հաղորդեց, որ երկրին մէջ դանակահարութեան զոհ գացած է 25 տարեկան բերդապահ Ֆակունտօ Էսփիտոլա, որ ելոյթ կ՛ունենար Արժանթինի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերէն Ալմակրոյի հետ:
Երբ ան իր ընկերներով կը շրջագայէր, անոր հասցէին ուղղուած են վիրաւորական արտայայտութիւններ: Տեղի ունեցած է վիճաբանութիւն, ապա կռիւ, որուն ընթացքին ան դանակի հարուածներ ստանալով մահացած է:
Ըստ տեղական մամուլին, կասկածներ կան, թէ Էսփինտոլան սպաննողը արժանթինեան Սան Տելմօ խումբի ֆութպոլիստ Նաուել Օվետոն է:



