Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, նախագահութեամբ Ա. փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի, Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան:
Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ուղղուեցաւ Լիբանանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին, որ Թարակուանայի մէջ (Սպանիա)` Միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն, Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը:
Որոշուեցաւ, որ պիտի կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի եւ ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմի: Յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 28-29 նոյեմբեր 2018-ին Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) տեղի ունենալիք Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր համագումարին:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն չորս մարզիկներու կատարած բանակումներուն (որոնք պարտաստուեցան Միջերկրականեան խաղերուն) ծախսերը պիտի հոգայ հետեւեալ ձեւով.
Մարք Անթոնի Լահուտ` ջրային դահուկարշաւ (1980 ամերիկեան տոլար), Սելիմ Զէյն` Կոլֆ (1930 ամերիկեան տոլար), Լեթիսիա Ազար եւ Մալեք Խուրի` փինկ փոնկ (5260 ամերիկեան տոլար):
Յայտարարուեցան նաեւ կարգ մը այլ ֆետերասիոններու տրուելիք նիւթական օժանդակութիւնները, որոնց կարգին` Ռակպի, թենիս, դահուկարշաւ եւ այլն: