Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միլանոյի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան, երէկ տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին:
77 քկ դասակարգին մէջ ախոյեանի կոչումին արժանացաւ Յարութիւն Գրիգորեան, որ երկամարտի ընթացքին արձանագրեց 258 քկ արդիւնք մը (117+141):
Երկրորդ դիրքը գրաւած թուրք Հաքան Թուրնազ հայ ծանրաբարձին երկամարտի արդիւնքուվ զիջեցաւ 12 քիլոկրամով:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ` Մնացական Աբրահամեան, 69 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին` բարձրացնելով 249 քկ (108+141), 11 քիլոկրամով զիջելով առաջին հանդիսացած Պուլկարիոյ ներկայացուցիչին: