Վաղը` հինգշաբթի, 26 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, Ժալ Էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կ՛անդրադառնայ Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբին մասնակցութեան` Ասիոյ 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2-12 օգոստոսին` Թայլանտի մէջ:
Ֆետերասիոնը նաեւ պիտի անդրադառնայ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Լիբանանի տղոց ազգային խումբի պատրաստութիւններուն:



