«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Թենիսի Տարեկան Մրցաշարքը Աւարտեցաւ Մրցանակաբաշխութեամբ
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի տարիքային մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ: Աւարտական մրցումներուն որոնք տեղի ունեցան շաբաթ օր, ներկայ գտնուցեան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ եւ այլ անդամներ, կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները եւ մեծաթիւ համակիրներ: Տեղի ունեցան 10,12,14,16 եւ 18 տարիքային դասաւորման...




