Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 28 յուլիսին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս տղոց կազմը կը մրցի Շապապ Ժընահի դէմ:
Ռամլեթ Պայտայի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած 2 պարտութիւն:
Քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ խումբը, այսօր պէտք է բոլորս ուղղուինք Ռամլեթ Պայտա եւ խումբին կատարած մրցումին ներկայ գտնուելով քաջալերենք ՀՄԸՄ-ի տղաքը: