Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք (միջազգային մրցաշարք), մօտեցաւ թրիպիւն եւ իր մարզաշապիկը նուիրեց հայկական դրօշ բարձրացուցած համակիրի մը:
Սինկափուրի մէջ կատարուած այս մրցումին անգլիական ակումբը պարտուեցաւ փենալթիներով:
Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին, չկրցաւ փենալթին հասցնել իր նպատակին:
Յայտնենք, որ այսօր Արսենալ կը մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: