Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու սուսերամարտի կրկնակի ախոյեան, Ռուսիոյ աղջկանց հաւաքականի անդամ Եանա Եգորեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Չինաստանի Ուսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան կիսաւարտականին, հայ մարզիկը 15-14 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռիօ-2016-ի ողմիպիական խաղերու ռուս ախոյեան Սոֆիա Վելիքայայէն եւ բաւարարուեցաւ պրոնզէ մետալով:
Աշխարհի ախոյեանի կոչումին արժանացաւ ռուս Սոֆիա Փոտնիաքովա, որ աւարտականին յաղթեց նոյնինքն Վելիքայային: