Միլանոյի մէջ իր աւարտին հասնող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան իրենց հերթական մետալներուն:
Աղջկանց 17 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Լիանա Գիւրջեան 69 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` արձանագրելով 193 քկ արդիւնք մը (86+107): Նոյն դասակարգին մէջ, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Միլենա Խաչատրեան, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր` արձանագրելով 175 քկ արդիւնք մը (80+95):