Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 29 յուլիսին, աւարտեցաւ Լիբանանի պիչ-վոլիպոլի 2018-ի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ֆարայայի շրջանին մէջ` նոր կառուցուած աւազոտ դաշտի մը վրայ:
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Ճոն Ապի Շըտիտ-Ճօ Քազզի զոյգը հանդիսացաւ տղոց ախոյեան` աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նատեր Ֆարես-Եուսեֆ Տաղեր զոյգին:
Իսկ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Սիմոն Ապու Ժաուտէ-Միրա Ատրա զոյգը, որ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Զէյնա Ռըուաս Քարամ-Այա Մարիա Մաթար զոյգին: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: