Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, անդրադառնալով 2018-2019 տարեշրջանին, կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Բոլորին կու գամ ըսելու, թէ այս նոր տարեշրջանին պիտի տեսնեն բոլորովին տարբեր Մխիթարեան մը, քան ինչ որ կը տեսնէին Պորուսիա Տորթմունտի հետ: Իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ, որ յաջող տարեշրջան մը բոլորեմ: Պիտի փորձեմ առաւելագոյն թիւով կոլեր նշանակել եւ միեւնոյն ժամանակ էսիսթներ կատարել, որովհետեւ անոնք շատ կարեւոր են խումբին համար: Պիտի տամ առաւելագոյնս` ակումբին համար յաղթանակներ կերտելու համար:



