Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թայլանտի մէջ 5-12 օգոստոսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էտի Ապի Զախըմ, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնի անդամ Ճորճ Սապունճեան, խումբին մարզիչը` Ճօ Մուժահես եւ մարզական լրագրողներ:
Նշուեցաւ, որ նախքան Թայլանտ իր մեկնումը (2 օգոստոս), Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Սուրիոյ դէմ:
Անդրադառնալով ազգային խումբերուն կատարած փորձերուն եւ պարտաւորութիւններուն` Հալապի ըսաւ, թէ ֆետերասիոնին անդամներուն միջեւ որեւէ հարց գոյութիւն չունի, եւ բոլորն ալ դրական մօտեցում ունին իրարու նկատմամբ:
Ինչ կը վերաբերի նոր տարերջանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տրուած որոշումին, Հալապի նշեց, որ ետդարձ չկայ անկէ, եւ դաշտին վրայ պիտի կիրարկուի 2+1 օտարականի դրութիւնը (դաշտին վրայ 2, իսկ պահեստի նստարաններուն վրայ` 1):
Նմանօրինակ յայտարարութիւն մը կատարեց նաեւ Ռըզք, որ ըսաւ, թէ ֆետերասիոնին կողմէ տրուած այդ որոշումը եղաւ հարիւր տոկոսով օրինական:
Իսկ Մուժահես անդրադարձաւ ազգային խումբին հետ իր կատարած աշխատանքներուն` յոյս յայտնելով, որ արդիւնքը ըլլայ դրական:
Լուսանկարները՝
PROFOTO