Շաբաթ, 28 յուլիսին, Իրանի մէջ սկիզբ առաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
Լիբանան, որ առաջին օրը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 96-49 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Յորդանանը, երէկ եւս շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց` այս անգամ 96-44 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը` Իրաքը:
Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը
16:30-ին Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սուրիա:
Իսկ վաղը Լիբանանի վերջին մրցակիցը միեւնոյն ժամուն պիտի ըլլայ Իրան:



