Նախանցեալ օր հրապարակուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին յայտագիրը:
Տեղի ունեցած վիճակահանութեան արդիւնքին լոյսին տակ, ախոյեան Եուվենթուս Ա. հանգրուանին հիւրը պիտի ըլլայ Քիեւօ Վերոնային:
Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այս մրցումին, իր նորամուտը պիտի նշէ «Քալչիօ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ Եուվենթուսի դաշտին վրայ ան ելոյթ պիտի ունենայ` մրցելով Լացիօ Ռոմայի դէմ: