Ամերիկեան Տի. Սի. Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբի նորեկ, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ուէյն Ռունի նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց իր առաջին կոլը, «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով:
Ան 33-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը` օգտակար դառնալով իր խումբին, որպէսզի Քոլորատոյի դէմ արձանագրէ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սակայն մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ, 32 տարեկան անգլիացին ստացաւ վնասուածք եւ արիւնոտ դէմքով դուրս եկաւ դաշտէն:
Էվըրթընէն Տի. Սի. Եունայթըտին միացած Ռունի առաջին մրցումին էսիսթ մը կատարած էր: