Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի տարիքային մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ:
Աւարտական մրցումներուն որոնք տեղի ունեցան շաբաթ օր, ներկայ գտնուցեան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ եւ այլ անդամներ, կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները եւ մեծաթիւ համակիրներ:
Տեղի ունեցան 10,12,14,16 եւ 18 տարիքային դասաւորման մեծերու զոյգի, ինչպէս նաեւ վեթերաններու մրցումներ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 172 երկսեռ մարզիկներ:
Տղոց գլխաւոր մրցաշարքին տիտղոսին տիրացաւ Եաաքում Մախզումի, որ աւարտականին 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց Թամիմ Հալլաքի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Լուսանկարները՝
PROFOTO