Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, վերջերս Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պանքօ-լուպնան Սերպիա պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Լիբանանէն Կեդրոնական դրամատան խումբը իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ հասաւ աւարտականին, ուր երեք կէտի տարբերութեամբ` 76-73 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Տաքթըր Աւտալովիչ» խումբին (Սերպիա)- դարձաւ մրցաշարքի տիտղոսակիրը:
Միջազգային այս մրցաշարքին մասնակից վեց խումբերուն կարգին եղան նաեւ լիբանանեան երկու այլ կազմեր` «Ֆրանսապանք» եւ «Տար Հանտաա»: Իսկ Սերպիոյ մնացեալ երկու ներկայացուցիչները եղան «Ժենրալի» եւ «Էռնեսթ էնտ եանկ»:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին տարբեր տեսակի մրցանակներ տրուեցան նաեւ շարք մը այլ մարզիկներու (լաւագոյն մարզիկ, թրի փոյնթ, սթիլ, խմբապետ, մարզիչ եւ այլն):
Այսպիսով, Տուպայի եւ Սերպիոյ մէջ իր կազմակերպած մրցաշարքերէն ետք «Սփորթց-Մանիա» եկաւ ապացուցելու, որ տեղական մրցաշարքերը կրնայ հասցնել նաեւ միջազգային մակարդակի: