Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Իրան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն, այսօր կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Յորդանանի դէմ: Վաղը` կիրակի, 29 յուլիսին Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Իրաք (ժամը 14:30-ին), ապա յաջորդաբար` Սուրիա (երկուշաբթի, ժամը 16:30-ին) եւ Իրան (երեքշաբթի, ժամը 16:30-ին):
Արեւմտեան Ասիոյ դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Իրան մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սելիմ Ֆաուալ, մարզիչն է` Ժատ Հաժ, անոր օգնականը` Զիատ Նաթուր, բժիշկը` Պաշիր Էլիաս, իսկ մարզիկներն են` Ժոզեֆ Ապու Սամրա, Ամին Մաալուֆ, Քարլ Քըզահ, Ռուտի Հաժ Մուսա, Պրայըն Մանսուր, Եուսեֆ Խայեաթ, Օմար Պաքքար, Ալեքսի Շուշանի, Մալեք Սլէյման, Սթիվըն Ֆարահ, Ապտել Ռահման Սապպաղ եւ Հիշամ Թըրպահ: