«Իվնինկ Սթանտարտ» կը հաղորդէ, որ նիկերիացի գործարար Ալիքօ Տանկոտէ դարձեալ կը փորձէ գնել Արսենալը:
Այժմ լոնտոնեան ակումբին բաժնետոմսերուն 67 առ հարիւրին տէրն է ամերիկացի Սթեն Քրոնքէ, իսկ մնացեալ մասը կը պատկանի ռուս Ալիշեր Ռամանովին:
Նշուեցաւ, թէ Տանկոտէ, որուն կարողութիւնը կը կազմէ աւելի քան 16 միլիառ ամերիկեան տոլար, 2010-ին եւ 2015-ին Արսենալը գնելու անյաջող փորձեր կատարած է: