Երեւանի Ալաշկերտ ֆութպոլի խումբը «Եւրոպայի լիկա»-ի բաժակի մրցաշարքին, զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրեց կարեւոր յաղթանակ մը, երբ նուազագոյն հաշուով յաղթական վերադարձաւ Մոնթենեկրոյի ախոյեան Սութիեսքայի դաշտէն:
Այսպիսով, Վարուժան Սուքիասեանի գլխաւորած կազմը կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի յաջորդ հանգրուան` սերպ յետսապահ Մլատեն Զելքովիչի նշանակած կոլին շնորհիւ (11-րդ):
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 2 օգոստոսին, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Երկու կազմերն ալ կը մասնակցին այս մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ դուրս մնացին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանէն: Ալաշկերտ պարտուեցաւ սկովտիական Սելթիքէն, մինչ Սութիեսքա` Ասթանայէն (Ղազախստան):
Սութիեսքայի արգելքը յաղթահարելու պարագային, Ալաշկերտ Գ. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Քլուժ (Ռումանիա) – Մալմօ (Շուէտ) մրցումին պարտուողը:
Սակայն հայկական երկրորդ կազմը` Փիւնիկ Երեւան, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թոփոլէն` Քոսթանայի մէջ կատարուած մրցումին:
2-0 արդիւնքով ուշացած Փիւնիկ մրցումին վերջին վայրկեանէն յաջողեցաւ նշանակել կարեւոր կոլ մը, որ դարձի մրցումին (31 յուլիս), կրնայ ունենալ իր օգտակարութիւնը:
Այդ կոլին հեղինակը Ռուսլան Քորեանն էր: