Մարզական

Աշխարհի Եւ Եւրոպայի Ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան Կը Վերադառնայ

Ազատ ոճի ըմբշամարտի 2013 թուականի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան վերսկսած է իր ասպարէզին եւ մասնակցած` մրցաշարքի: Դաւիթ Սաֆարեան 1 օգոստոսին նշեց իր ծննդեան 29-րդ տարեդարձը: «Ես գիտէի, որ ամէն պարագայի պիտի վերսկսիմ: Պարզապէս հիմա եկաւ այն պահը, երբ յառաջացաւ ցանկութիւն, բացի ատկէ, արդէն ժամանակն է: Արդէն մեծ դադար առած եմ մրցաշարքերէ: Ես երբեք չեմ դադրեցուցած մարզումները: Միշտ ձգտած...

Ալեկրի. «Քալտարայի Եւ Պոնուչիի Փոխանակումը Ճիշդ Որոշում Է»

Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրի խօսեցաւ Միլանի հետ յետսապահներ Մաթիա Քալտարայի եւ Լէոնարտօ Պոնուչիի փոխանակումին մասին: Ալեկրի կը խորհի, որ այդ փոխանակումը ճիշդ որոշում է: «Կը խորհիմ, որ ասիկա ճիշդ որոշում է ե՛ւ մեզի համար, ե՛ւ  Միլանի: Պոնուչին կարեւոր ֆութպոլիստ է, ան շատ լաւ թեքնիք ունի, որ տարուան մը ընթացքին չէ փոխուած: Ինչ կը վերաբերի Քալտարային` մէկ կողմէ կը ցաւիմ,...

Լեհաստանի Մէջ Իրաւարարը Մրցումի Ատեն Փրկած Է Ֆութպոլիստը

Օլիմպիա Էլպլոնկ եւ Պլենքիթնի Սթարկարտ խումբերուն միջեւ Լեհաստանի երրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումի գլխաւոր իրաւարար Մարցին Լիանա փրկած է ֆութպոլիստներէն մէկը: Պլենքիթնի Սթարկարտի ֆութպոլիստ Միխալ Ցիվնիսքի մրցակիցին զարնուելով ինկած է եւ սկսած շնչահեղձ ըլլալ: Ան ունեցած է շնչարգելութիւն, սակայն ոչ ոք նկատած է, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Ֆութպոլիստին օգնութեան հասած է մրցումին գլխաւոր իրաւարարը, որ վերականգնած...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

. Մարդ մը իր կնոջ հետ կոլֆ կը խաղայ: Կինը յանկարծ կը հարցնէ. - Հոգի՛ս, եթէ ես մեռնիմ, դուն կրկին կ՛ամուսնանա՞ս: - Ոչ: - Ես վստահ եմ, որ կ՛ամուսնանաս: - Լա՛ւ, կ՛ամուսնանամ: - Կը ձգե՞ս, որ իմ անկողինիս մէջ պառկի: - Կարծեմ այո: - Կը ձգե՞ս, որ իմ կոլֆի գաւազանս գործածէ: - Ո՛չ, ո՛չ, ան ձախլիկ է: ***                                           ...

Տիգրան Մինասեան` Եւրոպայի Ըմբշամարտի Երիտասարդական Ախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան նուաճեց  Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի կոչումը: 55 քկ ծանրութեան դասակարգի աւարտական մրցումին, հայ ըմբիշը 8-0 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ճիովանի Ֆրենիին եւ նուաճեց ոսկի մետալ: Երեքշաբթի, 31 յուլիսին Տիգրան Մինասեան 2 յաղթանակներ (11-1, 9-0) նուաճելէ ետք, հասած էր կիսաւարտականին, ուր  միայն  33 երկվայրկեանի մէջ 14-4 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր թուրք Ահմեթ Լիմանը:

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ Որքա՞ն Գումար Կը Ստանայ Պատմական Յաջողութեան Շնորհիւ

«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Փիւնիկ Երեւան, յաղթելով Թոպոլ Քոսթանայի (Ղազախստան), Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց եւ աւելցուց ՈՒԵՖԱ-ի կողմէ սահմանուած պարգեւավճարները: Գ. հանգրուան հասնելու շնորհիւ հայկական ակումբը կը ստանայ 780 հազար եւրօ: Եթէ Փիւնիկ Երեւան նոյնպէս նուաճէ  վերջին հանգրուանի տոմսը, կը հարստանայ 300 հազար եւրոյով եւս: Եւրոպայի լիկայի զտումի առաջին հանգրուանին մասնակցելու համար ակումբները կը...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Տուգանքի Ենթարկեց Մարշալը. Մորինիօ Չի Գիտեր, Թէ Արդեօք Ան Պիտի Վերադառնա՞յ Ակումբ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբի ֆրանսացի յառաջապահ Անթոնի Մարշալ 250 հազար տոլար տուգանքի ենթարկուած է առանց արտօնութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ խումբի մարզումներու վայրը լքելու համար: 22-ամեայ ֆութպոլիստը արդէն 8 օրէ ի վեր չի մարզուիր խումբին հետ: Երկրորդ զաւկին  ծնելուն առիթով Մարշալ մեկնած է Փարիզ,  սակայն մինչեւ այսօր չէ միացած Մանչեսթըր Եունայթըտին, հակառակ խումբի  գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիոյի պահանջին: Ըստ բրիտանական...

Հայ Նաւավարները` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Պուլկարիոյ մէջ աւարտեցաւ նաւավարութեան մարզաձեւի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, ուր ե՛ւ երէցներու, ե՛ւ երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը նուաճեցին հայ նաւավարները: Բաբգէն Շահազիզեան 3-րդ տարին անընդմէջ պահեց Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը: Շահազիզեանը նոյնպէս աշխարհի գործող ախոյեան է եւ  աշխարհի մրցանիշ հաստատած է: Երիտասարդներու ախոյեանութիւնը նուաճեց Վոլոդիա Յարութիւնեան: Ընդհանուր հաշուով Հայաստանի մարզիկները նուաճեցին 5 մետալ` 3 ոսկի, 1 արծաթ, 1 պրոնզ:

ՈՒԵՖԱ 3 Տարիով Կախակայեց Նասրին

ՈՒԵՖԱ-ն աւելցուց Ֆրանսայի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին միջնապահ Սամիր Նասրիի կախակայումը` 6 ամիսէն հասցնելով 18-ի: 31-ամեայ ֆութպոլիստը պատժուած է խթանիչ  դեղերու կանոնակարգը խախտելու պատճառով: Նախորդ տարուան յունուարին յայտնի դարձած էր, որ սպանական թերթերէն մէկը ստուգումներ կատարած էր, երբ յայտնի դարձաւ, թէ ֆրանսացի միջնապահը կը բուժուի Լոս Անճելըսի «Տրիփ Տաքթըրզ» հիւանդանոցին մէջ: Այդ հիւանդանոցը մասնագիտացած է վիթամինային բուժումի վրայ, եւ այդպիսի բուժումը կրնայ...

Պրազիլի Մէջ Օգնական Իրաւարարը Մտած Է Դաշտ Եւ Արձանագրած Օֆսայտ

Պրազիլի ֆութպոլի երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներէն մէկուն ընթացքին տեղի ունեցած ուշագրաւ միջադէպ: Օգնական, եզրային իրաւարարը մտած է խաղադաշտ, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւի դաշտին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Այդ յարձակումի ժամանակ գնդակը յայտնուած է բերդին մէջ: Սակայն օգնական իրաւարարը բարձրացուցած է դրօշը` արձանագրելով խաղէն դուրս վիճակ (օֆսայտ) եւ վերադարձած  է իր տեղը` եզրային գիծ:

Սերենա Ուիլիըմս Ասպարէզի Ամէնէն Ծանր Պարտութիւնը Կրեց

«Մեծ սաղաւարտի» մրցումներու 23 ախոյեանութիւն նուաճած  ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս չկրցաւ հասնիլ Սան-Խոսէի (Միացեալ Նահանգներ) մրցաշարքի երկրորդ հանգրուան: Մրցաշարքի սկիզբը ան առաւելութիւն ունէր միայն մէկ կէյմի մէջ, Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Եոհաննա Կոնթայի հետ մրցումին, որ աւարտեցաւ իր պարտութեամբ 1-6, 0-6 արդիւնքով: Աշխարհի նախկին թիւ մէկ դասուած Սերենայի համար այս պարտութիւնը ամէնէն ջախջախիչն էր իր ասպարէզին ընթացքին: 36-ամեայ Սերենա նախապէս  նուազագոյնը երկու կէյմի...

Թեքուանտօ. Լիբանանահայ Տանիէլ Խորասանճեան Ընտրուեցաւ Լաւագոյն Իրաւարարը

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ լիբանանահայ միջազգային իրաւարար մասթըր Տանիէլ Խորասանճեան, որ վերջերս ընտրուած էր 2018-ի աշխարհի թեքուանտոյի լաւագոյն իրաւարարը, այլ իրագործում մըն ալ կատարեց, երբ Հարաւային Քորէայի թեքուանտոյի բաց ախոյեանութեան ընտրուեցաւ լաւագոյն իրաւարար: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի չորս կողմերէն «ՃԻ. 2»-ի երկսեռ մարզիկներ:

Պասքեթպոլ. Արեւմտեան Ասիոյ 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան Հանդիսացաւ Ախոյեան Յաղթելէ Ետք Իրանի` 66-64 Արդիւնքով

Երէկ` երեքշաբթի, 31 յուլիսին, Իրանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ, երբ կատարուեցան վերջին մրցումները: Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, 66-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք հիւրընկալ երկրին, անոր շուրջ հինգ հազար համակիրներուն ներկայութեան հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան: Լիբանանի հետ միասին Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովեց նաեւ Իրան, որ Լիբանանի ետին գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը:

Մինի-Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը Սկսաւ

Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան 12 մրցումներ` Լիբանանի տարբեր նահանգներու դաշտերուն վրայ: Ասիկա Լիբանանի մինի-ֆութպոլի առաջին ախոյեանութիւնն է: Ախոյեանութեան առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ Սըրհինի դաշտին վրայ, ուր Շապապ Պեքաա 5-2 արդիւնքով յաղթեց Ուաըտ Քուսրիա Սայետ խումբին: Քֆարշիմայի մէջ, «Փրօ Սփոր» դաշտին վրայ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց...

Պիպլոս Ակումբի Ընտրութիւններ. Տումեթ Քալլապ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Պիպլոս ակումբին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին նոր նախագահ ընտրուեցաւ Տումեթ Քալլապ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահի պաշտօնը վարող Քալլապ երրորդ անգամն ըլլալով կ՛ընտրուի ակումբի նախագահ: Նոր ընտրուած անդամներուն մէջ է նաեւ Արիստակէս Յակոբ Տողրամաճեան, որ ստանձնեց մշակութային գործունէութեան պատասխանատուի պաշտօնը: Իսկ ակումբին ընդհանուր քարտուղարն է Զիատ Քարիմ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Պասեմ Մարմար Պիտի Մնայ Ահտի Մարզիչ

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտի գլխաւոր մարզիչ Պասեմ Մարմար յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, եւ այն լուրերը, որոնք կ՛ըսեն, թէ խումբը պիտի բերէ օտար մարզիչ մը, իսկ ինք Ահտի տարիքային խումբերու մարզիչը պիտի ըլլայ, երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, որոնց համաձայն, Ահտ մտադիր է սուրիացի Մոհամետ Քուայտը դարձեալ նշանակել մարզիչ. ան...

Արաբական Ակումբներու Բաժակի Մրցաշարք. Ահլի-Նըժմէ Երթի Մրցումը` 13 Օգոստոսին

Երկուշաբթի, 13 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ Ահլի-Նըժմէ երթի մրցումը, րո կ՛իյնայ Արաբական ակումբներու բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 19:30-ին, Գահիրէի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ Աղեքսանդրիոյ մէջ գտնուող Պըրժ Արապ մարզադաշտին վրայ: Ինչ կը վերաբերի դարձի մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ եւ պիտի...

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ Պատմական Արդիւնք Մը Արձանագրելով Հասաւ Գ. Հանգրուան

Երէկ «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան Բ. հանգրուանի դարձի քանի մը մրցումներ: Հայաստանի ներկայացուցիչ Փիւնիկ Երեւան, որ հիւրընկալեց Թոպոլ Քոսթանայը (Ղազախստան), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը: Թէեւ Փիւնիկ երթին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն նկատի ունենալով, որ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակած էր, օգտուեցաւ այդ առաւելութենէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մոհամետ Քոնաթէ...

Սեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հաշմանդամներու Յատուկ Մարզական Լողափ

Հաշմանդամներուն ջրային մարզաձեւերով զբաղելու կարելիութիւն տալու եւ յատուկ նախատեսուած լողափ ստեղծելու մտայղացումը ունեցաւ Հայաստանի հաշմանդամներու մարզական ֆետերասիոնը, որուն նախագահն է Սամուէլ Ռոստոմեան: «Հայկական ճամբար» անունով յայտնի այս լողափը կը գտնուի Սեւանայ լիճի Արտանիշ թերակղզիին մէջ: Այդտեղ իրենց ամառնային հանգիստը կրնան անցընել շուրջ 100 հաշմանդամներ: Անիկա ամէն տեսակի դիւրութիւններ կու տայ հաշմանդամներուն զբաղելու եւ կիրարկելու տարբեր տեսակի ծովային մարզաձեւեր, ինչու չէ...

Լեպրոն Ճէյմս Քննադատեց Տանըլտ Թրամփը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի նորեկ Լեպրոն Ճէյմս քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` նշելով, որ ան մարզաշխարհը կ՛օգտագործէ մարդիկը իրարմէ տարանջատելու համար: «Վերջին քանի մը ամիսներուն այդ երեւոյթը շատ զգալի դարձած է անոր մօտ: Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ան ինչո՞ւ ատիկա կը կատարէ: «Չեմ կրնար այդ երեւոյթը շատ տեսնելով լռել: Ես մարզաշխարհին մէջ միշտ ալ բարեկամներ ունեցած...

Page 809 of 1278 1 … 808 809 810 … 1,278

Արխիւներ