Օլիմպիա Էլպլոնկ եւ Պլենքիթնի Սթարկարտ խումբերուն միջեւ Լեհաստանի երրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումի գլխաւոր իրաւարար Մարցին Լիանա փրկած է ֆութպոլիստներէն մէկը:
Պլենքիթնի Սթարկարտի ֆութպոլիստ Միխալ Ցիվնիսքի մրցակիցին զարնուելով ինկած է եւ սկսած շնչահեղձ ըլլալ: Ան ունեցած է շնչարգելութիւն, սակայն ոչ ոք նկատած է, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Ֆութպոլիստին օգնութեան հասած է մրցումին գլխաւոր իրաւարարը, որ վերականգնած է անոր շնչառութիւնը: Միխալ Ցիվնիսքի կրցած է շարունակել մրցումը` օգնելով իր խումբին յաղթանակ նուաճելու: