Ազատ ոճի ըմբշամարտի 2013 թուականի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան վերսկսած է իր ասպարէզին եւ մասնակցած` մրցաշարքի: Դաւիթ Սաֆարեան 1 օգոստոսին նշեց իր ծննդեան 29-րդ տարեդարձը:
«Ես գիտէի, որ ամէն պարագայի պիտի վերսկսիմ: Պարզապէս հիմա եկաւ այն պահը, երբ յառաջացաւ ցանկութիւն, բացի ատկէ, արդէն ժամանակն է: Արդէն մեծ դադար առած եմ մրցաշարքերէ: Ես երբեք չեմ դադրեցուցած մարզումները: Միշտ ձգտած եմ լաւագոյնին», ըսաւ ան: