Երէկ` երեքշաբթի, 31 յուլիսին, Իրանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ, երբ կատարուեցան վերջին մրցումները:
Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, 66-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք հիւրընկալ երկրին, անոր շուրջ հինգ հազար համակիրներուն ներկայութեան հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան:
Լիբանանի հետ միասին Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովեց նաեւ Իրան, որ Լիբանանի ետին գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը:



