«Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի նորեկ Լեպրոն Ճէյմս քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` նշելով, որ ան մարզաշխարհը կ՛օգտագործէ մարդիկը իրարմէ տարանջատելու համար:
«Վերջին քանի մը ամիսներուն այդ երեւոյթը շատ զգալի դարձած է անոր մօտ: Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ան ինչո՞ւ ատիկա կը կատարէ:
«Չեմ կրնար այդ երեւոյթը շատ տեսնելով լռել: Ես մարզաշխարհին մէջ միշտ ալ բարեկամներ ունեցած եմ: Սակայն ան մարզաշխարհին մէջ մտնելով, կու գայ մարդիկը իրարմէ հեռացնելու», ըսաւ Ճէյմս, որ Քլիվլենտ Քաւալիրզը լքելով չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Լէյքըրզի հետ: