Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան 12 մրցումներ` Լիբանանի տարբեր նահանգներու դաշտերուն վրայ:
Ասիկա Լիբանանի մինի-ֆութպոլի առաջին ախոյեանութիւնն է:
Ախոյեանութեան առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ Սըրհինի դաշտին վրայ, ուր Շապապ Պեքաա 5-2 արդիւնքով յաղթեց Ուաըտ Քուսրիա Սայետ խումբին:
Քֆարշիմայի մէջ, «Փրօ Սփոր» դաշտին վրայ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց «Էֆ. Սի.» Եունայթըտին:
«Էքսթրիմ»-ի դաշտին վրայ, Աթլեթիքօ Ժիպէյլ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չելընճի հետ:
Հաւասարութեամբ վերջ գտան նաեւ Իթթիհատ Ըտէյսէ-Ռիսալէ Ղասսանիէ (1-1) եւ Շապապ Հապպուշ-Քարիա (3-3) մրցումները:
Այն Ռիատի յաղթեց Լիուա Ռաֆիտի (5-3), Մաժըտ Մէյս Ժապալ` Հաֆրուն Ըհմեժի (4-2), մինչ Ա. հանգրուանի մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Մաժըտ Ղազիէ, որ 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պաքաասֆարինի դէմ:
Շապապ Զիթա յաղթեց Սփայտըրզ Պարժայի (4-1), Շապապ Թայպէ` Նաժըմ Պեքաայի (1-0), Շապապ Ժապալ Պաթըմ` Սաքրա Ուատուպէի (3-2), իսկ Անդրանիկ իր հիւրին` Ֆրենտծի (2-1):



