Երէկ «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան Բ. հանգրուանի դարձի քանի մը մրցումներ:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Փիւնիկ Երեւան, որ հիւրընկալեց Թոպոլ Քոսթանայը (Ղազախստան), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը:
Թէեւ Փիւնիկ երթին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն նկատի ունենալով, որ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակած էր, օգտուեցաւ այդ առաւելութենէն:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մոհամետ Քոնաթէ (82-րդ), մինչ Պետրոս Աւետիսեան 89-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այսպիսով, Փիւնիկ յաջողեցաւ հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ դառնալ առաջին ակումբը, որ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով կը հասնի Գ. հանգրուան:
Փիւնիկը քաջալերելու եկած էին հարիւրաւոր համակիրներ: