Հաշմանդամներուն ջրային մարզաձեւերով զբաղելու կարելիութիւն տալու եւ յատուկ նախատեսուած լողափ ստեղծելու մտայղացումը ունեցաւ Հայաստանի հաշմանդամներու մարզական ֆետերասիոնը, որուն նախագահն է Սամուէլ Ռոստոմեան:
«Հայկական ճամբար» անունով յայտնի այս լողափը կը գտնուի Սեւանայ լիճի Արտանիշ թերակղզիին մէջ:
Այդտեղ իրենց ամառնային հանգիստը կրնան անցընել շուրջ 100 հաշմանդամներ: Անիկա ամէն տեսակի դիւրութիւններ կու տայ հաշմանդամներուն զբաղելու եւ կիրարկելու տարբեր տեսակի ծովային մարզաձեւեր, ինչու չէ նաեւ յառաջիկային ամառնային փարալիմփիք խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները դառնալու համար:
Այդտեղ կարելի է կիրարկել քանոյի, լողարշաւի, սուզումի, առագաստանաւերու եւ այլ մարզաձեւեր:
Անիկա պաշտօնապէս կը սկսի գործել այսօր` չորեքշաբթի, 1 օգոստոսին:
Նշուեցաւ, որ հաշմանդամներուն համար «Հայկական ճամբար»-ին մէջ ապրիլն ու մարզուիլը անվճար է: