ՈՒԵՖԱ-ն աւելցուց Ֆրանսայի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին միջնապահ Սամիր Նասրիի կախակայումը` 6 ամիսէն հասցնելով 18-ի: 31-ամեայ ֆութպոլիստը պատժուած է խթանիչ դեղերու կանոնակարգը խախտելու պատճառով:
Նախորդ տարուան յունուարին յայտնի դարձած էր, որ սպանական թերթերէն մէկը ստուգումներ կատարած էր, երբ յայտնի դարձաւ, թէ ֆրանսացի միջնապահը կը բուժուի Լոս Անճելըսի «Տրիփ Տաքթըրզ» հիւանդանոցին մէջ: Այդ հիւանդանոցը մասնագիտացած է վիթամինային բուժումի վրայ, եւ այդպիսի բուժումը կրնայ թաքցնել արգիլեալ խթանիչի ընդունումը:
Սամիր Նասրին նախորդ մրցաշրջանէն առաջ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիէն փոխանցուած էր թրքական Անթալիասփոր, որուն հետ պայմանագիրը խզած էր եւ ստացած ազատ գործակալի կարգավիճակ: Նախորդ մրցաշրջանին ան վարձավճարով կը խաղար սպանական Սեւիլիայի կազմին մէջ: