Հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտի գլխաւոր մարզիչ Պասեմ Մարմար յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, եւ այն լուրերը, որոնք կ՛ըսեն, թէ խումբը պիտի բերէ օտար մարզիչ մը, իսկ ինք Ահտի տարիքային խումբերու մարզիչը պիտի ըլլայ, երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, որոնց համաձայն, Ահտ մտադիր է սուրիացի Մոհամետ Քուայտը դարձեալ նշանակել մարզիչ. ան չորս տարի առաջ Ահտի մարզիչն էր:



