Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան նուաճեց Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի կոչումը:
55 քկ ծանրութեան դասակարգի աւարտական մրցումին, հայ ըմբիշը 8-0 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ճիովանի Ֆրենիին եւ նուաճեց ոսկի մետալ:
Երեքշաբթի, 31 յուլիսին Տիգրան Մինասեան 2 յաղթանակներ (11-1, 9-0) նուաճելէ ետք, հասած էր կիսաւարտականին, ուր միայն 33 երկվայրկեանի մէջ 14-4 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր թուրք Ահմեթ Լիմանը:



