«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Փիւնիկ Երեւան, յաղթելով Թոպոլ Քոսթանայի (Ղազախստան), Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց եւ աւելցուց ՈՒԵՖԱ-ի կողմէ սահմանուած պարգեւավճարները:
Գ. հանգրուան հասնելու շնորհիւ հայկական ակումբը կը ստանայ 780 հազար եւրօ: Եթէ Փիւնիկ Երեւան նոյնպէս նուաճէ վերջին հանգրուանի տոմսը, կը հարստանայ 300 հազար եւրոյով եւս:
Եւրոպայի լիկայի զտումի առաջին հանգրուանին մասնակցելու համար ակումբները կը ստանան 240 հազար եւրօ, երկրորդ հանգրուան հասնելու համար` 260 հազար եւս, երրորդին` 280 հազար, իսկ վերջին` փլէյ-օֆի հանգրուան հասնելու պարագային 300 հազար եւրօ եւս:
Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքի աւարտին այդ գումարներուն վրայ նոյնպէս կ՛աւելնան շուկայական եւ պատկերասփռումի իրաւունքի վճարումները:
Փիւնիկ Երեւան յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցի իսրայէլեան Մաքապի Թել Աւիւի եւ սերպական Ռատնիչքիի միջեւ տեղի ունենալիք ճակատումի յաղթողին հետ:
Եւրոպայի լիկայի զտումի երրորդ փուլի առաջին խաղերը տեղի պիտի ունենան 9 օգոստոսին, իսկ դարձի մրցումները` շաբաթ մը ետք:
Եւրոպական բաժակներուն մէջ հայկական ակումբները երբեք չէին յաջողած յաղթահարել երկրորդ հանգրուանի արգելքը:
Փիւնիկ Երեւանի Օգնական Մարզիչը Ներում Հայցած Է
Իր Անպարկեշտ Շարժուձեւին Համար
Եուրի Նակայցեւ Թոպոլ Քոսթանայի դէմ մրցումի 82-րդ վայրկեանին Փիւնիկի նշանակած կոլէն ետք, անպարկեշտ շարժուձեւ մը ըրած է ղազախական ակումբի պահեստի մարզիկներու ուղղութեամբ:
Ան աւելի ուշ ներում հայցած է եւ բացատրած, թէ որուն ուղղուած էր այդ շարժուձեւը:
«Ներում կը հայցեմ համակիրներէն իմ շարժումիս համար: Զգացումներ են: Բայց կ՛ուզեմ բացատրել, որ շարժումս ուղղուած էր Թոպոլ Քոսթանայի երկրորդ մարզիչին, որ ատկէ առաջ մեր մարզիկին ձեռքերուն մէջէն գնդակը անյարմար շարժումով նետած էր համակիրներուն կողմը», ըսած է Նակայցեւ:



