Պուլկարիոյ մէջ աւարտեցաւ նաւավարութեան մարզաձեւի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, ուր ե՛ւ երէցներու, ե՛ւ երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը նուաճեցին հայ նաւավարները:
Բաբգէն Շահազիզեան 3-րդ տարին անընդմէջ պահեց Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը:
Շահազիզեանը նոյնպէս աշխարհի գործող ախոյեան է եւ աշխարհի մրցանիշ հաստատած է:
Երիտասարդներու ախոյեանութիւնը նուաճեց Վոլոդիա Յարութիւնեան:
Ընդհանուր հաշուով Հայաստանի մարզիկները նուաճեցին 5 մետալ` 3 ոսկի, 1 արծաթ, 1 պրոնզ:



