Պրազիլի ֆութպոլի երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներէն մէկուն ընթացքին տեղի ունեցած ուշագրաւ միջադէպ:
Օգնական, եզրային իրաւարարը մտած է խաղադաշտ, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւի դաշտին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
Այդ յարձակումի ժամանակ գնդակը յայտնուած է բերդին մէջ: Սակայն օգնական իրաւարարը բարձրացուցած է դրօշը` արձանագրելով խաղէն դուրս վիճակ (օֆսայտ) եւ վերադարձած է իր տեղը` եզրային գիծ: