Արթուրօ Վիտալ Միացաւ Պարսելոնային
Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ իր ակումբը լքելով միացաւ Պարսելոնային: Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը արժեց 20 միլիոն եւրօ: Վիտալ, որ երեք տարուան համաձայնութեամբ մը միացաւ իր նոր կազմին, անցնող քանի մը օրերուն ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու: Նախքան այս փոխանցումը, կը կարծուէր, որ ան պիտի տեղափոխուի «Քալչիօ», բայց անոր գործակատարը` Ֆեռնանտօ Ֆելիսեւիչ, աշխատեցաւ, որ ան միանայ քաթալոնական...



