Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբի ֆրանսացի յառաջապահ Անթոնի Մարշալ 250 հազար տոլար տուգանքի ենթարկուած է առանց արտօնութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ խումբի մարզումներու վայրը լքելու համար:
22-ամեայ ֆութպոլիստը արդէն 8 օրէ ի վեր չի մարզուիր խումբին հետ: Երկրորդ զաւկին ծնելուն առիթով Մարշալ մեկնած է Փարիզ, սակայն մինչեւ այսօր չէ միացած Մանչեսթըր Եունայթըտին, հակառակ խումբի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիոյի պահանջին:
Ըստ բրիտանական մամուլին, Մորինիօ կ՛ուզէ բաժնուիլ մարզիկէն:
Ռէալ Մատրիտի դէմ Մանչեսթըր Եունայթըտի 2-1 արդիւնքով յաղթանակէն ետք, Մորինիօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, թէ չի գիտեր,թէ արդեօք Մարշալ պիտի վերադառնա՞յ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
«Մարշալի մասին հարցումները ուղղեցէ՛ք ակումբի մամլոյ քարտուղարին, եւ եթէ ան ուզէ, կը պատասխանէ: Ես չեմ գիտեր` արդեօք Մարշալ պիտի միանա՞յ իր խմբակիցներուն», ըսաւ մարզիչը:
Նախապէս լուրեր տարածուած էին, որ ֆրանսացի յառաջապահով հետաքրքրուած են Պայերն Միւնիխ, Թոթենհամ եւ այլ ակումբներ: