Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ լիբանանահայ միջազգային իրաւարար մասթըր Տանիէլ Խորասանճեան, որ վերջերս ընտրուած էր 2018-ի աշխարհի թեքուանտոյի լաւագոյն իրաւարարը, այլ իրագործում մըն ալ կատարեց, երբ Հարաւային Քորէայի թեքուանտոյի բաց ախոյեանութեան ընտրուեցաւ լաւագոյն իրաւարար:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի չորս կողմերէն «ՃԻ. 2»-ի երկսեռ մարզիկներ: