Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց 15 տարեկանէն վար ազգային խումբը հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեան, երբ Իրանի մէջ իր կատարած բոլոր չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց:
Լիբանան իր վերադարձին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ախոյեան կազմը արժանացաւ շատ մեծ ընդունելութեան:
Խումբը դիմաւորեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, ազգային խումբերու տնօրէն Ղազի Պուսթանի, ֆետերասիոնի անդամներ Շարպել Ռըզք, Եասեր Հաժ, Փաթրիք Լահուտ, Թամմամ Ժարուտի, ակումբներու ներկայացուցիչներ, մարզիկներուն ծնողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները եւ մարզական լրագրողներ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հալապի, շնորհաւորելէ ետք անոնց կատարած այս մեծ իրագործումը, Լիբանանի բոլոր դասակարգերու ազգային խումբերուն մաղթեց մնայուն յաջողութիւն եւ յաղթանակ: