Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին եւ Ժամհուր վարժարանին մէջ, չորս օրերու տեւողութեամբ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց մրցումները` մասնակցութեամբ շուրջ 300 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 15 ակումբներ, որոնք անդամ են ֆետերասիոնին:
Այս մրցումներուն ընթացքին լիբանանեան երեք նոր մրցանիշներ հաստատուեցան տղոց 200 մեթրի, տղոց 4×100 մեթրի եւ տղոց 4×400 մեթրի վազքի մրցումներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու, որոնց կարգին` Էլի Տագէսեան եւ Մարիա Գէորգեան:



