Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը:
Չելսիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար Տերպի Քաունթիի հետ գլխաւոր մարզիչի իր նոր պաշտօնը սկսաւ յաղթանակով, երբ անոր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռիտինկի դաշտին վրայ:
Տերպի իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 94-րդ վայրկեանին:
40 տարեկան անգլիացին նախորդ մայիսին գլխաւորեց Տերպին` անոր հետ ստորագրելով 3 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ան առաջին անգամն ըլլալով մարզիչի պաշտօն կը կատարէ: