Իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Մուայ-Թայի համալսարաններու աշխարհի ախոյեանութեան լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտ, արաբական եւ Լիբանանի Մուայ-Թայի ֆետերասիոնններու նախագահ կրանտ-մասթըր Սամի Քըպլաուի եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Լիբանանի համար արծաթ մետալ մը ապահովեց Ալի Շըքէյր, իսկ պրոնզ մետալ մը Ալի Ֆաքիհ: