Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես, անդրադառնալով իտալական Ինթեր Միլանի հետաքրքրութեան` ակումբի խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչը ձեռք ձգելու վերաբերեալ, ըսաւ.
«Լուքա Մոտրիչի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար մենք որեւէ արգելք չունինք: Բայց եթէ Ինթեր Միլան կ՛ուզէ 32 տարեկան միջնապահը տեսնել իր կազմի շապիկով, անոր համար մեր ակումբին պէտք է վճարէ… 750 միլիոն եւրօ հրաժարագին: Անոր պայմանագրութիւնը մեզի հետ կ՛աւարտի 2020-ին, հետեւաբար այլ տարբերակ գոյութիւն չունի»: