Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ֆութպոլը Ե՛ւ Կեանք, Ե՛ւ Մահ

August 3, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Մարդկային կեանքին անբաժան մէկ մասը դարձած ֆութպոլը, բնականաբար պիտի ազդուի կեանքի վերիվայրումներէն, փոփոխութիւններէն, պարզ այն պատճառով, որ մարզիկները, մարզիչներն ու պատասխանատուները բոլորն ալ մարդ են:

Անոնք ունին իրենց նկարագրային տարբեր գիծերը, խառնուածքային երանգները, զգալու եղանակները եւ գործելու ձեւերը:

Եւ որովհետեւ միայն «յիմարի կարծիքով տոլարը անպիտան մի բան է», այս մարդիկը յիմար չըլլալով, գերին դարձած են դրամին եւ մաս կազմած են ներկայիս իշխող վայրագ դրամատիրութեան:

Բոլոր երկիրներու ախոյեանները, շատ քիչ բացառութեամբ, ամէնէն խոշոր գումարները ծախսողներն են:

Ակումբներու սեփականատէրերը, մարզիկներու գործակալները, խումբերու հովանաւորները, մրցումները սփռող կայանները, գրաւի ընկերութիւններն ու մասամբ նորին, բոլորն ալ աւելի՛ դրամ, աւելի շա՛տ դրամ մոլուցքէն վարակուած, ֆութպոլը վերածած են խոշոր առեւտրական կառոյցի մը, ուր դրամը ուժ է եւ դրամը կ՛իշխէ:

Մրցումներու մեկնաբանութիւններէ աւելի կը խօսուի մարզիկներու առուծախի, փոխանցումներու սակարկութիւններու, մարզիչ-մարզիկ (իբրեւ թէ) հարցերու մասին, որոնք սակարաններու մէջ ալիքներ կը յառաջացնեն:

Անշուշտ մարզիկն ալ մարդկային էակ է, այս թոհուբոհին մէջ «գիշերները երազին մէջ կանաչ տոլար կը տեսնէ», եւ առտուն արթննալով գնդակը չի տեսներ…:

Հազիւ ի յայտ կու գայ տակաւին պատանի շնորհալի մարզիկ մը (օրինակ` Մպափէն), անմիջապէս զայն աստղի կը վերածեն, շուկայական գինը կը ճշդուի եւ առուծախի խօսակցութիւնները կը սկսին, շատ յաճախ խանգարելով մարզիկին քունը եւ բնական զարգացումը:

Իսկ դաշտին վրայ այս օրերուն հազուագիւտ իսկական տաղանդները (օրինակ` Նէյմար, Մեսսի, Ռոնալտօ), որոնց առուծախի գագաթնակէտը արդէն եղած է, Մոնտիալի նման մրցաշարքէ մը եթէ կանուխ դուրս մնան, ֆութպոլային առեւտուրին եւ սակարանին վրայ չ՛ազդեր:

Ընդհակառակն` աւելի ձեռնտու կ՛ըլլայ, որպէսզի քանի մը նոր աստղեր «շինուին» եւ… աստղաբաշխական գումարներ բերեն:

Ռուսիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած  2018 թուականի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին չտեսանք վերեւ նշուած իսկական տաղանդներուն թռիչքները, խաղային պարերը, անհաւատալի հնարքները, որոնք ֆութպոլին համն ու հոտն են:

Չտեսանք, ոչ թէ որովհետեւ անոնք խամրած էին, այլ վայրագ դրամատիրութեան լուծին տակ կարգ մը մրցակիցներ մղուեցան վայրագութեան:

Երբ կարելի չեղաւ անոնցմէ գնդակը խլել, զանոնք արդար խաղարկութեամբ կասեցնել, ոմանք դիմեցին կանոններու խախտումի` վայրագութեան: Ամէնէն նուրբ ձեւերէն մէկը թեւէն, կամ տարազէն քաշել, իսկ ամէնէն ազդուները` արմուկով քիթին-բերնին զարնել, ոտքով ծունկին հարուածել:

Իսկ այս պարագային, երբ տուեալ մարզիկը գետինները տապլտկեցաւ, զայն քննադատեցին դերասանութիւն եւ չափազանցութիւն ընելուն համար, առանց գիտնալու, որ մրցումէն ետք, երբ ամէն ոք տուն գացած է, այդ մարզիկը ժամերով սառեր կապած է ցաւած տեղերուն:

Եւ հայկական առածը կ՛ըսէ.

– Ամէն օր մարդ թաղող տէր հայրը չի գիտնար, որ մահ կայ, մինչեւ երէցկինը չմեռնի:

 

 

Նախորդը

Հայաստան Չի Մասնակցիր Եւրոպասքեթ-2021-ին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Օգոստոս 2018)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.