Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, գործող ախոյեան Լոքոմոթիւ Մոսկուա տերպիի մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սպարտակ Մոսկուայի հետ:
Ասիկա գործող ախոյեանին համար եղաւ երկրորդ ճերմակ հաւասարութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Ա. հանգրուանին նոյնպիսի արդիւնք մը արձանագրած էր Եուֆայի հետ:



